

Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւնն ու կոչը Արցախի տեղահաններուն համար ու կրօնական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ի նպաստ
«Աւելիով պակաս չէ մտահոգութիւնս, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին համար։ Տեղահաններու մարդասիրական իրավիճակէն անդին, - որ արդեն խիստ ծանր է – կ՛ուզեմ յատուկ կոչ մը ուղղել տարածաշրջանի մէջ Վանքերու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութեան ի սպաս», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնելով, որ «սկսեալ Իշխանութիւններէն ու բոլոր բնակիչներէն, անոնք (վանքերը եւ աղօթատեղիները) յարգուին եւ պաշտպանուին, որպէս մշակոյթի մաս, տեղական մշակոյթի մաս, հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, որ կարելի կը դարձնէ տարբերութիւններուն մէջ միասին ապրիլը», յարեց Սրբազան Պապը։ (...)