default_mobilelogo
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ ԼՈՅՍ ԸՆԾՍՅԵՑ «ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ» ՀԱՏՈՐԸ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ 50 ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ
Մխիթարեան Միաբանութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ լոյս տեսաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի 50 լեզուներով թարգմանուած հատորը։
Սուրբ Ներսէս Դ. Կլայեցի Շնորհալի Հայրապետի մահուան 850 ամեակի առիթով Մխիթարեան միաբանութիւնը Սուրբ Ղազարի Կաճառի որոշումով ձեռնարկեց «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի բազմալեզուեան հրատարակութիւնը թարմացնել եւ նորովի լոյս ընծայել։
Ճիշտ 215 տարի առաջ, 21 Հոկտեմբեր 1808ին, «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի բազմալեզուեան թարգմանութեան միտքը կը յղանար Հ. Յարութիւն վարդապետ Աւգերեան (1774-1854) ։
Վերանայուած եւ ընդլայնուած 12-րդ հրատարակութեան շնորհանդէսը կատարուեցաւ 21 Հոկտեմբեր 2023-ին, Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած Շնորհալի Հայրապետի նուիրուած միջազգային գիտաժողովի ընթացքին։
Հատորի խմբագրական կազմին մաս կը կազմեն Մխիթարեան միաբաններ՝ Հ. Վահան վրդ. Օհանեան, Հ. Սերոբ վրդ. Չամուրլեան եւ Հ. Գէորգ Սարգիսեան։
Հաւաքական աշխատանքի արդիւնքով հնարաւոր դարձաւ տասներկու լեզու աւելցնել եւ յիսունի հասցնել թարգմանութիւնները, իսկ եղածներն ալ վերատեսնել եւ այժմէացնել։
Նոր լեզուներն են՝ ալպաներէն, էուէ, թակալոկ, խրուաթերէն, ճաբոներէն, չեխերէն, պելոռուսերէն, սլաւոներէն, ուքրաներէն, քաթալոներէն, քիրունտի եւ հարաւային քորեերէն։
Սոյն հրատարակութիւնը կը ձօնուի աստուածասէր համայն ազգերուն։


Kim jesteśmy?
Jesteśmy Katolickim Kościołem Wschodnim, pełnoprawnym członem Kościoła Katolickiego, uznającym władzę i autorytet Biskupa Rzymu. Wyróżnia nas starożytny obrządek ormiański.

czytaj więcej
Obrządek ormiański
Obrządek ormiański wywodzi się z Armenii, z tradycji św. Bazylego. Uformowany przez św. Grzegorza Oświeciciela. Charakterystycznym wyróżnikiem jest język liturgiczny - grabar czyli język staroormiański.
czytaj więcej