| LIBAN - PATRIARCHAT |
| |
| |
Գոհաբանական սուրբ պատարագ ընդհանրական Եկեղեցիին Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի սրբադասումին առաջին տարեդարձին առիթով
Ս. Մալոյեանի վկայութիւնը, որ թէեւ ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդին տառապանքէն, դարձաւ Ընդհանրական Եկեղեցիին ժառանգութիւնն ու առաքելութիւնը՝ ամէն մարդու, որ կը մերժէ իր խիղճն անիրաւութեան ենթարկել։ Այս վկայութիւնը յատուկ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ մեր՝ հովիւներուս առջեւ։ Ս. Մալոյեան եպիսկոպոսութիւնը չհասկցաւ իբրեւ իրեն առանձնաշնորհում պարգեւող պատիւ, այլ՝ իբրեւ առաքելութիւն, որ անոր կը պարտաւորէր հաւատարիմ մնալ Քրիստոսին եւ իրեն յանձնուած ժողովուրդին։ (...)
