| WATYKAN |
«Պահպանել մարդկային ձայներն ու դէմքերը». Միջազգային գիտաժողով՝ Արհեստական Բանականութեան շուրջ
Յառաջիկայ 21 Մայիսին, Քահանայապետական Ուրպանեան Համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով մը, որ նուիրուած է Արհեստական Բանականութեան ազդեցութեան եւ մարդկային հաղորդակցութեան էութեան պահպանման։ Ձեռնարկը կը համախմբէ ակադեմականներ ու մասնագէտներ՝ քննարկելու համար արհեստագիտական նորարարութիւնները մարդկային արժէքներու, բարոյականութեան եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամին լոյսին տակ։
